Մեծայարգ Տիար Դաւիթ Բալայեան,
Շնորհակալութեամբ ստացանք Հայ Մամուլի նուիրուած Համագումարին մասնակցութեան ձեր փափաք-գիրը։ Այսու կ’ուզենք տեղեկացնել, թէ Կազմակերպիչ Յանձնախումբը մեծապէս կը գնահատէ ձեր մասնակցութեան փափաքը եւ կը հաստատէ զայն։
Կ’ուզենք յիշեցնել, թէ Կաթողիկոսարանը պիտի հոգայ համագումարի օրերու պանդոկի կեցութիւնը եւ սնունդը։ Մասնակիցները պարտին ապահովել իրենց ճամբորդական տոմսը։
Որեւէ հարցի պարագային, հաճեցէք գրել մեզի։
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝
Հայ Մամուլի Նուիրուած Համագումարի Կազմակերպիչ Յանձնախումբ
Filed under: !"Husisapail" / "Юсисапайл" |
Добавить комментарий